image

Այսօր իր կայացուածութեամբ ու ժողովրդավարութեան չափանիշներով Արցախը կը գերազանցէ անգամ որոշ ճանչցուած երկրներու». Աշոտ Ղուլեան

Այսօր իր կայացուածութեամբ ու ժողովրդավարութեան չափանիշներով Արցախը կը գերազանցէ անգամ որոշ ճանչցուած երկրներու». Աշոտ Ղուլեան

Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը՝ 1 Սեպտեմբերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելած է Արցախի պետական համալսարան:

Համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեանի ու կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեանի ընկերակցութեամբ խորհրդարանի ղեկավարը ծաղիկներ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ուսանողներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Այնուհետեւ Ազգային ժողովի նախագահը համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ։ Աշոտ Ղուլեան հանդէս եկած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» թեմայով դասախօսութեամբ՝ ներկայացնելով 25ամեայ հանրապետութեան ձեռքբերումները եւ խօսած առկայ խնդիրներուն, կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:

«Մենք անկախութիւն ենք հռչակել, որպէսզի կարողանանք պաշտպանել մեր ազատութիւնը: Հանրապետութեան հռչակումը տեղի է ունեցել միջազգային նորմերի ու գործող օրէնսդրութեան շրջանակներում, եւ այսօր իր կայացուածութեամբ ու ժողովրդավարութեան չափանիշներով Արցախը գերազանցում է անգամ որոշ ճանաչուած երկրների», ընդգծած է Աշոտ Ղուլեան:

Ելոյթի աւարտին Ազգային ժողովի նախագահը ուսանողներուն կոչ ուղղած է՝ ուսումնառութեան տարիները լաւագոյնս օգտագործելու, եւ յիշեցուցած է, որ այսօր, առաւել քան երբեւէ պահանջուած ու արժէքաւոր են մարդկային արարող, ստեղծագործական միտքը, գիտելիքն ու նորարարութեան գաղափարը: