Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը իրեն առաջադրուած խուլիկանութեան մեղադրանքով (Քրէական օրէսգիրքի 297 յօդուածի 1-ին մաս) արդարացուած է: Տեղեկութիւնը դիմատետրի իր էջին յայտնած է պատգամաւոր փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը։
Նշենք, որ մարտ 31-ին Ազգային Ժողովի «Ազգային ժողովի պետաիրաւական մշտական յանձնաժողով»ի փակ նիստին Մհեր Սահակեանը հարուածած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վլադիմիր Վարդանեանը։ Դէպքի առթիւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 3-րդ մասով եւ 195-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։
«Դատարանը վճռել է նաեւ ծանրացնող հանգամանքով առողջութեանը թեթեւ վնաս պատճառելու յօդուածը (քրէական օրէնսգիրքի 171 յօդուածի 2-րդ մաս`առողջութեանը թեթեւ վնաս պատճառելը) վերաորակել առանց ծանրացնող հանգամանքի՝ թեթեւ վնաս պատճառելու յօդուածի (նոյն յօդուածի 1-ին մաս), եւ դրանում Սահակեանին ճանաչել մեղաւոր»,– գրած է փաստաբանը։
Մելիքեանը տեղեկացուցած է, որ լրացուցիչ դատալսումները նշանակուած են հոկտեմբեր 1–ին։
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը 65 կողմ ձայնով համաձայնութիւն տուած էր Սահակեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու` ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանի միջնորդութեան։
Աննա Վարդապետեանը 2024 թ. ապրիլ 11-ին խորհրդարանէն ներս ներկայացուցած էր Մհեր Սահակեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ յարուցելու միջնորդութիւնը։