Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնիլն այս պահուն կարելի է անհնար համարել։ El Pais-ին տուած հարցազրոյցին նման կարծիք յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ։
«Այս պահուն ես չեմ տեսներ խաղաղութեան անյապաղ ձեռքբերման հնարաւորութիւն, մենք չենք խօսիր ապագայի մասին՝ ընդհանուր հրադադարի, խաղաղութեան բանակցութիւններու մասին»,- ըսած է ան։
Միեւնոյն ժամանակ Կութերէշ նշած է, որ երկու կողմի հետ ալ կայ երկխօսութիւն՝ յստակ խնդիրներու լուծման համար։ Այս առումով, անոր խօսքով, կարեւոր ձեռքբերում էր Ուքրանիայէն հացահատիկի, իսկ Սեւ ծովով Ռուսիայէն սննդամթերքի ու պարարտանիւթի արտածումը։