Ռուսիան ուքրանական պատերազմին ունի գրեթէ 99 000 զոհ: Այս մասին 19 դեկտեմբերին դիմատետրեան էջին հրապարակուած երեկոյեան տեսաուղերձին մէջ յայտնած է Ուքրանիոյ ղեկավար Վլատիմիր Զելենսքին։
«Միայն մտածեցէք՝ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ արդէն կորսնցուցած է գրեթէ 99 000 զինուոր: Մի քանի օրէն զաւթիչներու կորուստները կը հասնին 100 000-ի։ Յանուն ինչի՞: Մոսկուայի մէջ ոչ ոք պատասխան ունի. Եւ չեն ալ ունենար», -ըսած է Զելենսքին:
Ըստ Ուքրանիոյ ղեկավարի՝ «Քրեմլինի մէջ խումբ մը մարդիկ չեն կրնար ընդունիլ սխալները եւ սարսափելի կը վախնան իրականութենէն», սակայն իրականութիւնը, ըստ Զելենսքիի, «ինքնին խօսուն է»։