image

Այս խայտառակ յորձանուտէն դուրս պէտք է բերենք երկիրը

Այս խայտառակ յորձանուտէն դուրս պէտք  է  բերենք երկիրը

    Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր օրէնքներով ու ճակատագրով խաղալիք դարձուցած խեղկատակ Փաշինեանը պէ՛տք է հրաժարական տայ։ Ինք չի կրնար աղէտի մատնելէ ետք երկիրը իրաւունք ունենալ առանց իրաւական, քաղաքական պատասխանատուութեան ընտրութիւն կազմակերպել եւ անոնց մասնակցիլ։ Նախ հարկաւոր է անցեալ երեք տարուան իր գործունէութիւնը, առաւել պատերազմի ամբողջ երեսներու հետաքննութիւն կատարուի։ Թափանցի՛կ եւ արդար հետաքննութիւն։ Երկրի պարտութեան բոլոր պատճառները՝ ցարդ բարձրաձայնուած թէ թաքուն մնացած պէտք է հանրութեան սեփականութիւնը դառնան, յանցաւորները պատժուին, արդարները անպարտ արձակուին։ Ապա միայն որոշուի ընտրութիւններու մասնակցութեան իրաւունք ունեցողը։ Այլապէս՝ կը նշանակէ, որ ապօրինութեան ապօրինութեամբ հակադարձելու դաշտը լայն կը բացուի, բռնութիւնն ու ոճիրը պետութեան մարմինները իրե՛նք կը հրահրեն։

Կաշառուած ըլլալն ալ սահման ունի, իսկ զայն չգիտակցելու պարագային, պարտականութեան մէջ թերացման պարագային, ենթակաները պէտք է գիտնան, որ հանրութեան համբերութիւնն ալ սահման ունի եւ կրնայ պահու մը, անսպասելի վայրկեանի մը պոռթկալ եւ հրաբուխի լաւայի նման սրբել տանիլ ամէն ինչ։ Թող ոչ ոք կասկածի տակ դնէ իրաւունքի ուժէն եւ ողջախոհութենէն յուսահատած հասարակութեան զայրոյթի սաստկութիւնը, որ ո՛չ անարդարութեան պաշտպան կոյր բիրտ ուժին կարեւորութիւն կու տայ, ոչ ալ զինուած յելուզակներու սպառնալիքին։ Ուժին ուժ, կազմակերպութեան կազմակերպութիւն, ոճիրին ոճիր հակադրելու մակարդակին մի՛ հասցնէք մարդոց եւ յարգանք ունեցէք անոնց տրամաբանութեան եւ իմացականութեան հանդէպ, որ՝ կը հաւատամ, աւելի առողջ է քան երեք տարի այս երկիրի ղեկը արկածով կամ դաւադիր համաձայնութեամբ ձեռք անցուցած անձինը եւ իր հիւանդկախ հետեւորդներունը։

Ձերն է ընտրութիւնը այսօր, ուղիղ ճամբուն վերադառնալու ընտրութիւնը։ Կարգը, բարոյականութիւնը, հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու երդումը կը պահանջէ որ Փաշինեան հեռանայ իշխանութենէն եւ ասպարէզը բացուի ազատ եւ արդար հետաքննութեան։ Եթէ Հայաստան Իսրայէլ ըլլար, թերեւս նման միջոցի դիմելու կարիք չըլլար․ Իսրայէլ՝ Եօմ Քիպուրի պատերազմէն ետք հետաքննեց զայն եւ առողջացաւ։ Հայաստան միայն պատերազմ յաղթահարելու խնդիր չի դիմագրաւեր։ Կը դիմագրաւէ շա՛տ աւելին։ 1991-ին անկախութեան յաջորդած պետութեան ամբողջ երթը հետաքննութեան առարկայ պիտի դառնայ, հաւատալով որ տգէտ խեղկատակի մը իշխանութեան բարձրանալու նախադրեալները տասնամեակներու վրայ կը տարածուին եւ պէտք է ջուրի երես գան, որպէսզի պետութեան նաւու ընթացքը սրբագրուի, մեզ ազգովին խնայելով բիւզանդական անպտուղ վէճերը։

Ասիկա մարտահրաւէր է ամբողջ ազգին, որ դժգոհ է ու չէ բաւարարուած, թէպէտ առատօրէն իր զաւակներու արիւնը հեղեց, առա՛նց սակարկելու, որպէսզի դիմացն ի՞նչ ստանայ․ մարդ՝ որ ամբողջ հասարակութիւնը պառակտելով սկսաւ եւ ի վերջոյ երկիրը հասցուց անխուսափելի պարտութեան։ Եւ դեռ չէ բաւարարուած ու կը շարունակէ իր իմաստակութիւններով բռնաբարել ազգի իմացականութիւնը։ Սկսելու համար այս խայտառակութիւնը պիտի վերջ գտնէ, հասկացողութեամբ, համաձայնութեամբ, իրաւունքի ուժով, որ նոյնպէս Փաշինեանի քմահաճոյքին չի հպատակիր։ Կարող ե՞նք այս անելէն դուրս գալ, բարի, անկարող ենք՝ պատրաստ ըլլանք բոլոր հաւանականութիւններուն։

Երեսուն տարի այս երկիրը քայքայեցին եկող-գացող «ընտրեալները», մէկ կողմէ օտարէն կախուածութիւնը աւելցուցին, միւս կողմէ անկախութենէ ճառեցին, անկախութեան բարիքը չտեսաւ ժողովուրդը, երկար փապուղիէն ելքը չնշմարեց՝ նոյնիսկ հեռուէն։ Աւելին՝ յաղթանակէ ճառեցին եկող գացող իշխանաւորները, վերջը ի յայտ եկաւ, որ չենք յաղթանակած, չենք ազատագրած, այլ սոսկ «գրաւած ենք» օտարի հողը, զոր ետ պիտի տանք օր մը։ Եւ խաւարամիտ յիմարը եկաւ եւ առօք բարօք տուաւ ետ, հետն ալ հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, անվտանգութեան երաշխիքներն ալ յանձնեց օտարին, որ այսօր կայ, վաղը չկայ, եւ ինչպէս կ’ըսեն՝ օտարով ծածկուողը մերկ է։

Այս աղէտը բաժակը յորդեցուց․ այլեւս կարելի չէ այսպէս շարունակել։ Այս մկան թակարդէն ելք պիտի գտնենք ազգովին, պետականօրէն, իսկ եթէ հնարաւոր չըլլայ, աշխարհասփիւռ ազգը պէտք է ելքը որոնէ ու գտնէ։ Բաւական է որքան երկրի գոյութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցուցած պահենք բանակին եւ իր քաջարի զօրականներուն ուսերուն։ Բանակն առանձին օր մը կը կքի, եթէ պետութիւնը, որ ամբողջ ժողովուրդի մտաւոր ուժը, աշխատանքի արդիւնքը կազմակերպելու եւ երկրի յառաջդիմութեան ծառայեցնելու պարտականութիւնն ունի՝ թերանայ։ Եւ ցարդ թերացած է։ Ապացոյցը՝ երեսուն տարիէ ի վեր չդադրող արտագաղթն է, ապացոյցը՝ աճած ու ծաղկած անարդարութիւնն է, ապացոյցը՝ տգէտ դեմագոգին հետեւած մոլորուած, խաբուած զանգուածն էր, ապացոյցը՝ երկրին մէջ սունկի նման բուսած տեսակ-տեսակ աղանդներն են, վերջապէս՝ ապացոյցը ռազմական պարտութիւնն էր։

Ասկէ առաջ թերեւս մեր պարտութիւնները բազմակողմանիօրէն հետաքննելու հնարաւորութիւն չենք ունեցած եւ չենք սրբագրած մենք մեզ․ այսօր շնորհե՛նք այդ հնարաւորութիւնը․ թէ՛ այս սերունդին, թէ՛ գալիք սերունդներուն թողենք ոչ թէ հեքիաթ կամ ասեկոսէ, այլ փաստագրուած շարադրանք, որմէ կարենան օգտուիլ անոնք։

Օ՛ն, առիթն է այս կործանարար յորձանուտէն մէկ անգամ ընդմիշտ դուրս գալու եւ սեփական ճակատագրին տէր կանգնելու։ Պարտութիւնն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ սերունդներուն, եթէ պատասխանատուութենէն չխուսափինք։ Հասած է այն պահը, երբ պէտք է տէր կանգնինք ոչ միայն այս պատերազմի մեր նահատակներու արեան, այլ մեր բոլոր պատերազմներէն եւ ենթարկուած անասելի տառապանքներէն ծնած իրաւունքներուն, որոնք մե՛րն են եւ մեզ ամէն անգամ կը հարկադրեն ծայրէն սկսիլ, ապացուցելու անոնց անժամանցելի իրաւութիւնը։

Վճռականութեան պահն է, ինչպէս ռազմի առաջին գիծին վրայ հերոս տղաքը անվեհեր կանգնեցան թշնամիին հուրին ու սուրին առջեւ, այսօր ալ քաղաքացիին հերթն է աննահանջ կանգնելու եւ պահանջելու այս խաղքութեան, խայտառակութեան վերջը։

Եւ անտարակոյս՝ աշխարհը պիտի վճռէ, ինք իր սահմանած օրէնքներուն եւ իրաւունքներուն տէրն ու պաշտպա՞նն է, թէ ամէն ոք իր գլխուն ճարը պիտի շարունակէ տեսնել, ինչպէս խաւար դարերուն։ Մենք ալ, իբրեւ ազգ, գիտնանք, եւ սին յոյսեր չունենանք քաղաքակիրթ յորջորջուող աշխարհէն ու մարդկութենէն, որոնք մինչեւ հիմա ծպտուն չհանեցին, աւելի՛ն՝ առուծախի առարկայ դարձուցին մարդկային ամէն ողբերգութիւն եւ դժբախտութիւն, ցարդ կ’արտօնեն, որ Պաքու նստած քրէական յանցագործն իր աւագ յանցակիցին հետ հպարտանայ իր ոճիրներով եւ նորերը որոճայ։

Առաջադրուած միակ վերջ մը չունինք մեր առջեւ․ մեր պատմութեան մեծ հաշուեյարդարին պիտի նախաձեռնենք, իբրեւ առաջին քայլ կարգի բերելով մեր տունը, հեռացնելով կասկածելի վարքով ու գաղափարով հայոց աշխարհը պառակտած գոյացութիւնը, իր արբանեակներով հանդերձ, անաչառ բազմամասնագիտական հետաքննութիւն կատարելով ցորենը որոմէն պիտի զատենք, քաղաքակիրթ ազգին վայել բծախնդրութեամբ եւ իրաւունք պիտի չտանք որ օտարը պաշտպանէ իր շահերը սպասարկող ստրուկներուն։

Այդ ժամանակ միայն սեւազգեստ մայրերն ու քոյրերը, վիզերնին ծռած որբուկները պիտի չորցնեն իրենց աչքերու արտասուքը, պիտի բարձրացնեն իրենց գլուխ եւ հպարտութեամբ պիտի ըսեն՝ ի զուր չէին մեր զոհողութիւնները, մեր նահատակներու արիւնը։

Պատմութիւն կերտելու, պատմութեան ընթացքը ուղղելու, սրբագրելու պահ է։ Յորձանուտէն դուրս գալու կամք ու ճիգ, եռանդ եւ իմաստութիւն ցուցաբերելու ժամն է։

Զաւէն Լիյլոզեան