ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացած է, որ դաշնային կառավարութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ Աֆղանիստանէն հեռանալ ուզող ԱՄՆ քաղաքացիներու դուրսբերման: Ըստ գնահատականներու՝ ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումէն ետք Աֆղանիստանի մէջ մնացած է մինչեւ 200 ամերիկացի:
«Եզրակացութիւն. Աֆղանիստան գտնուող ամերիկացիներու 90 տոկոսը, որոնք կ'ուզէին հեռանալ, կրցած են հեռանալ: Իսկ մնացած ամերիկացիներու համար վերջնաժամկէտ չկայ: Մենք դեռ կը ձգտինք անոնց դուրս բերել, եթէ անոնք կը փափաքին հեռանալ»,- ըսած է Պայտըն:
Պայտընի վարչակազմը կը կարծէ, որ 100-200 ամերիկացիներ դեռ կը գտնուին Աֆղանիստանի մէջ եւ «հեռանալու որոշ մտադրութիւններ» ունին: Նախագահը նշած է, որ գրեթէ 5500 ԱՄՆ քաղաքացիներ դուրս բերուած են երկրէն վերջին շաբաթներու ընթացքին, երբ թալեպները վերահսկողութիւն հաստատած են խոշոր քաղաքներու եւ մայրաքաղաք Քապուլի վրայ:
«Ինչ կը վերաբերի աֆղանցիներուն, ապա մենք եւ մեր գործընկերները 100 000 մարդ տեղափոխած ենք»,- աւելցուցած է Պայտընը: «Պատմութեան մէջ ոչ մէկ երկիր մէկ այլ երկրի բնակիչներու տեղափոխման համար աւելի շատ բան չէ ըրած, քան մենք: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի օգնենք առաւել մեծ վտանգի ենթարկուած մարդոց լքել երկիրը»:
Անոր խօսքով՝ «այլ երկիրներ վերակառուցելու» համար ԱՄՆ-ի ռազմական խոշոր տեղակայումներու դարաշրջանը աւարտած է:
«Ահաբեկչութեան սպառնալիքը դեռ կործանարար է, սակայն այն փոխուած է եւ տարածուած է այլ երկիրներու մէջ»,- ըսած է Պայտըն: «Մեր ռազմավարութիւնը նոյնպէս պէտք է փոխուի»: «Ես չեմ հաւատար, որ Ամերիկայի անվտանգութիւնը կը մեծնայ հազարաւոր ամերիկացի զինուորներու տեղակայման եւ Աֆղանիստանի մէջ տարեկան միլիառաւոր տոլարներ ծախսելով»:
«Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը աւարտած է: Ես չորրորդ նախագահն եմ, որ բախած է այս խնդրին, թէ արդեօք անհրաժեշտ է եւ երբ պէտք է աւարտել այս պատերազմը: Ես հրաժարեցայ ամերիկացի որդիներու եւ դուստրերու եւս մէկ սերունդ ուղարկել պատերազմի մը, որ պէտք է վաղուց աւարտած ըլլար: Սա ընտրութիւն էր, իսկական ընտրութիւն հեռանալու կամ մագլցումի միջեւ: Ես պատրաստ չէի երկարաձգելու այս յաւերժական պատերազմը»,- ըսած է Պայտըն՝ վերջին շաբաթներու ընթացքին Աֆղանիստանէն աւելի քան 120 000 մարդու տարհանման առաքելութիւնը անուանելով «արտակարգ յաջողութիւն»:
«Աֆղանիստանի վերաբերեալ որոշումը պարզապէս Աֆղանիստանի մասին չէ: Խօսքը այլ երկիրներու վերակառուցմանն ուղղուած խոշոր ռազմական գործողութիւններու դարաշրջանի աւարտի մասին է»,-ըսած է Պայտըն NBC հեռուստաալիքով հեռարձակուող ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ:
Ան նշած է, որ ԱՄՆ-ին անհրաժեշտ է կեդրոնանալ նոր մարտահրաւէրներու վրայ, այդ շարքին`Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ կապուած:
«Աշխարհը կը փոխուի: Մենք լուրջ մրցակցութեան մէջ ենք Չինաստանի հետ, մենք մարտահրաւէրներու կը բախինք բազմաթիւ ճակատներու վրայ Ռուսաստանի կողմէ, մենք կը բախինք համացնացային սպառնալիքներու եւ միջուկային տարածման խնդրին»,- պարզաբանած է Պայտըն: