image

Աւետիք Չալաբեանի կինն ու պաշտպանը հրաւիրուած են ԱՄՆ դեսպանատուն

Աւետիք Չալաբեանի կինն ու պաշտպանը հրաւիրուած են ԱՄՆ դեսպանատուն

«Համախմբում» շարժման անդամ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալաբեանի վերաբերեալ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջնորդներու հարցումները կը շարունակուին:

Աւետիք Չալաբեանի պաշտպանական խումբէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ Պաշտպանական խումբը հանդիպումներ ունեցած է միջազային համագործակցութեամբ Հայաստանի մէջ աշխատող իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ, իսկ Չալաբեանի կինն ու պաշտպանները հրաւիրուած են ԱՄՆ դեսպանատուն, ուր ներկայացուցած են Չալաբեանի գործով իրավիճակն ու «ապօրինութիւնների ցանկը»: Հանդիպման այլ մանրամասներ չեն հաղորդուած:

Յիշեցնենք, որ 14 մայիս 2022-էն անազատութեան մէջ գտնուող Աւետիք Չալաբեան եւ անոր կինը` Անահիտ Ադամեան ԱՄՆ պետական բաժանմունքի «Էտմոնտ Մասքի» կրթական ծրագրի շրջանաւարտներ են, Չալաբեանը կառավարման մագիստրոսի կոչում ստացած է Հիւսիսային Քարոլինայի համալսարանէն: