image

Աւարտեցաւ Հայաստան-Թուրքիա խաղը. Արդիւնքը 2-1 ի նպաստ Թուրքիոյ

Աւարտեցաւ Հայաստան-Թուրքիա խաղը. Արդիւնքը  2-1 ի նպաստ Թուրքիոյ

25 մարտին, Եւրօ-2024-ի ընտրական փուլի մեկնարկային խաղին, Հայաստանի հաւաքականը սեփական յարկին տակ ընդունած է Թուրքիոյ խումբը եւ 1-2 հաշիւով ցաւալի պարտութիւն կրած:

Խաղի 10-րդ րոպէին ինքնակոլի հեղինակ դարձած է «Հոֆենհայմ»-ի պաշտպան Օզան Քապաք՝ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխանցումէն յետոյ գնդակն ուղարկելով սեփական դարպասը:

Բաց թողած կոլէն յետոյ Թուրքիոյ հաւաքականը սկսած է աւելի յարձակողական գործել եւ աւելի շատ խախտել կանոնները մեր խումբի խաղացողներուն նկատմամբ: Փեթրաքով նախ հարկադրուած փոփոխութիւն կատարած է, ապա հիւրերը կարողացած հաւասարցնել հանդիպման հաշիւը:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի պաշտպան Տարօն Ոսկանեան խաղի 25-րդ րոպէին ցաւալի վնասուածք ստացած է եւ չէ կարողացած շարունակել հանդիպումը: Անոր փոխարէն խաղադաշտ իջած Սթիոբա Մկրտչեան:

Թուրքիոյ պատասխան գնդակը հեղինակած է Օրքուն Քէօքչուն՝ 35-րդ րոպէին տուգանայինի մատոյցներէն կատարած հարուածով գրաւելով Արսէն Բեգլարեանի պաշտպանած դարպասը:

 Ի դէպ, Թուրքիոյ դէմ խաղին Հայաստանի երեք ֆութպոլիստ՝ Մոսկուայի «Լոքոմոտիվի» պաշտպան Նաիր Տիկնիզեան, «Քրասնոտար-2»-ի ֆութպոլիստ Կէորկի Յարութիւնեան եւ «Ուրարտուի» կիսապաշտպան Ուկոչուքվու Իվուն իրենց նորամուտը նշած են ազգային խումբի կազմէն ներս:

Երկրորդ կէսին հիւրերը մէկ կոլ եւս խփած են ու յաղթանակի հասած: Թուրքիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստ Քերեմ Աքթիւրքօղլուն խաղի 65-րդ րոպէին գրաւած է Արսէն Բեգլարեանի պաշտպանած դարպասը: 

Յատկանշական է, որ բաց թողուած կոլէն առաջ Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստները քանի մը իրական կոլային հնարաւորութիւններ ունեցած են, եւ սակայն կորսնցուցած: