image
Հրատապ լուրեր:

Աւագ ենթասպան մոլորուած եւ հասած է Ատրպէյճանեան կողմ

Աւագ ենթասպան մոլորուած եւ հասած է Ատրպէյճանեան կողմ

22 Օգոստոսին, ժամը 21։00-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող, աւագ լեյտենանտ Արթուր Պորիսի Դաւիդեանը, առանց վերադաս հրամանատարութեան թոյլտուութեան դուրս եկած է մշտական տեղակայման վայրէն, որմէ ետք որոշ ժամանակ անց անոր հետ կապը կորսուած է։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Նախնական տեղեկութիւններով, աւագ լեյտենանտ Դաւիդեանը, վատ տեսանելիութեան պայմաններու մէջ մոլորուած է տեղանքին մէջ եւ յայտնուած ատրպեճանական կողմի մէջ։ Անմիջապէս մեկնարկած են որոնողա-փրկարարական աշխատանքներ, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին զինծառայողի՝ ատրպեճանական կողմի մօտ յայտնուիլը հաստատելու ուղղութեամբ։