image

Ատրպէյճանը ծանր վիճակի մէջ է. Քաղաքագէտ

Ատրպէյճանը ծանր վիճակի մէջ է. Քաղաքագէտ

Ատրպէյճանը շատ ծանր իրավիճակի մէջ յայտնուած է՝ գտնուելով Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, եւ հատած է կարմիր գիծերը թէ՛ Ռուսիոյ Դաշնութեան, թէ՛ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հանդէպ։ Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է քաղաքագէտ Ստեփան Դանիէլեանը։

Անոր խօսքով, Պաքուի իշխանութիւնները կը հասկնան, որ ժամանակը կ'աշխատի իրենց դէմ եւ կը սպառնայ Ատրպէյճանի գոյութեան, որ սպառնալիքի գործիք դարձած է՝ Մոսկուայի ու Թեհրանի համար։

«Բաքւում կարծում են, որ Ադրբեջանի գոյութիւնը կարող է պայմանաւորուած լինել Հայաստանի ոչնչացմամբ եւ Թուրքիայի հետ ցամաքային սահմանի ստեղծմամբ»,- նշած է ան։