image

Ատրպէյճանը 2021-ին բանակին համար ծախսած է մօտ 2 միլիառ 670 միլիոն տոլար

Ատրպէյճանը 2021-ին բանակին համար ծախսած է մօտ 2 միլիառ 670 միլիոն տոլար

Ատրպէյճանի մէջ հրապարակած են 2021 թուականի ընթացքին պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան համար ծախսուած գումարը:

Trend լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, գումարը նշուած է կառավարութեան հաշուետուութեան մէջ:

Ըստ այդ փաստաթուղթին, Ատրպէյճանը 2021 թուականի ընթացքին ծախսած է պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան համար նախատեսուած 4 միլիառ 580 միլիոն մանաթէն 4 միլիառ 450 միլիոնը: Այդ կը կազմէ աւելի քան 2 միլիառ 670 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Ռազմական պիւտճէն կատարուած է 99.2 տոկոսով, այդ 786,5 միլիոն մանաթով (462 միլիոն 647 հազար ամերիկեան տոլար) կամ 20.9 տոկոսով գերազանցած է 2020 թուականի ցուցանիշը: