Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ մահուան դէպքերը տարբեր պատճառներ ունին, եւ ատոնք հնարաւոր չէ դիտարկել նոյն հարթութեան վրայ։
Այս մասին նոյեմբեր 4-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանը՝ պատասխանելով խաղաղ պայմաններու մէջ զինծառայողներու մահուան եւ ինքնասպանութիւններու վերաբերեալ հարցերուն։
Անոր խօսքով՝ զինծառայողներու մահուան դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարուին։
Հարցին, թէ ճիշդ ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուին նման դէպքերը կանխելու համար, Ասրեանը պատասխանած է․ «Արւում է համապատասխան աշխատանք»։
Լրագրողներու խնդրանքին՝ մանրամասնելու ձեռնարկուող քայլերը, ան նշած է, որ ատոնք ներկայացնելու համար երկար ժամանակ կը պահանջուի։
Ընդհանուր սպայակոյտի պետն ընդգծած է, որ զինծառայողներու մահուան դէպքերը կը մտահոգեն նաեւ ռազմական ղեկավարութիւնը։
«Ոչ միայն հասարակութեանն է յուզում, նաեւ մեզ։ Առաւել շատ մեզ է յուզում»,- ըսած է Ասրեանը։
Անդրադառնալով դէպքերու պատճառներուն՝ ան յիշատակած է միջավայրային փոխյարաբերութիւնները, նիւթական ու առողջական խնդիրները։ Զինծառայողներու մահուան դէպքերու ընդհանուր պարունակին մէջ Ասրեանը նշած է նաեւ ծառայութենէն դուրս հանգամանքներն ու ճանապարհափոխադրային պատահարները։