image

Ատրպէյճանեան ուժերու յառաջխաղացքին մասին լուրերը ապատեղեկատւութիւն են. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանեան ուժերու յառաջխաղացքին մասին լուրերը  ապատեղեկատւութիւն են. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու յառաջխաղացման մասին շրջանառուող լուրերը ապատեղեկատուութիւն են, կը տեղեկացնէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Մենք կտրականապէս հերքում ենք այդ լուրը: Նշուած հատուածում, որը գտնւում է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներն ունեն մի քանի դիրք, որոնք, կահաւորուած չլինելու պատճառով, ձմեռային ժամանակահատուածում հնարաւոր չէ օգտագործել: Հիմա, կապուած եղանակային պայմանների փոփոխութեան հետ, ատրպէյճանական զինուորականներն ընդամէնը վերադառնում են այդ դիրքեր: Ոչ մի յառաջխաղացման մասին խօսք լինել չի կարող», յայտնեցին Պն-էն:

Ինչպէս սահմանի այդ, այնպէս ալ մնացեալ բոլոր հատուածներուն մէջ ՀՀ Զինուած ուժերը լիարժէք կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները, այդ շարքին նաեւ` մշտադիտարկում ատրպէյճանականզինուած ուժերու որեւէ շարժ եւ վերահսկողութեան տակ կը պահէ իրադրութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն եւս մէկ անգամ յորդորեցին սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն տարածելու պահուն առաջնորդուիլ բացառապէս պաշտօնական տեղեկատուութեամբ: