Ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու յառաջխաղացման մասին շրջանառուող լուրերը ապատեղեկատուութիւն են, կը տեղեկացնէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Մենք կտրականապէս հերքում ենք այդ լուրը: Նշուած հատուածում, որը գտնւում է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումներն ունեն մի քանի դիրք, որոնք, կահաւորուած չլինելու պատճառով, ձմեռային ժամանակահատուածում հնարաւոր չէ օգտագործել: Հիմա, կապուած եղանակային պայմանների փոփոխութեան հետ, ատրպէյճանական զինուորականներն ընդամէնը վերադառնում են այդ դիրքեր: Ոչ մի յառաջխաղացման մասին խօսք լինել չի կարող», յայտնեցին Պն-էն:
Ինչպէս սահմանի այդ, այնպէս ալ մնացեալ բոլոր հատուածներուն մէջ ՀՀ Զինուած ուժերը լիարժէք կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները, այդ շարքին նաեւ` մշտադիտարկում ատրպէյճանականզինուած ուժերու որեւէ շարժ եւ վերահսկողութեան տակ կը պահէ իրադրութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն եւս մէկ անգամ յորդորեցին սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն տարածելու պահուն առաջնորդուիլ բացառապէս պաշտօնական տեղեկատուութեամբ: