Ս. Փեթերսպուրկ բերուած է «ատրպէյճանական մաֆիա»ի ղեկավար Թուրալ Մամետովը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Գլխաւոր դատախազութիւնը Telegram-ի պաշտօնական ալիքին։
Շուտով անոր մեղադրանք պիտի առաջադրուի։
Նախապէս երիտասարդը փախած էր Ատրպէյճան, սակայն երկիրը հետագային երիտասարդը արտահանձնած է Ռուսիոյ։
Մամետովը եւ եւս 15 մարդ բերման ենթարկուած են անցորդներուն ծեծի ենթարկելէ ետք։ Իրաւապահներու տուեալներով՝ երիտասարդները յարձակած են սլաւոնական արտաքինով ռուսերու վրայ, որմէ ետք տեսանիւթեր տեղադրած են Telegram ալիքի վրայ, որու վարողը Մամետովն է։
Քննիչները կը կարծեն նաեւ, որ երիտասարդը հրապարակաւ կոչ ըրած է բռնութիւն կիրառելու անցորդներու նկատմամբ։
Մամետովին կը սպառնայ քրէական պատասխանատւութիւն քանի մը յօդուածներով, այդ շարքին՝ ատելութիւն եւ թշնամութիւն հրահրելուն ուղղուած հրապարակային գործողութիւններ։