image

Ատրպէյճանեան կազի դէպի Եւրոպա հոսքին ծաւալները պիտի աճին

Ատրպէյճանեան կազի դէպի Եւրոպա հոսքին ծաւալները պիտի աճին

Ատրպէյճանը մտադիր է մեծցնել Թուրքիոյ տարածքով կազի մատակարարումները Եւրոպա եւ այդ հարցը կը քննարկէ Պաքուի եւ Պրիւքէլլի հետ, յայտարարած է երկրի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազովը:

«Բնական կազի մատակարարումները Եւրոպա կ'աւելնան: Հարաւային կազային միջանցքը չօգտագործուած ներուժ ունի: Թուրքիոյ հետ միասին մենք կրնանք մեծ ծաւալներով կազ մատակարարել Եւրոպա: Մենք այս հարցով կապի մէջ ենք Եւրոպական միութեան եւ մեր եղբայրական Թուրքիոյ հետ», ըսած է ան:

Նախարարը յաւելած է, որ Ատրպէյճանը ունի բնական կազի պաշարներ, որոնք ներքին սպառման եւ Եւրոպա մատակարարելու համար կը բաւարարեն 100 տարի:

«Մենք ունենք 2,6 թրիլիոն խորանարդ մեթր կազի պաշարներ, մենք կրնանք բնական կազ մատակարարել մեզ, մեր գործընկերներուն եւ Եւրոպային 100 տարի», ըսած է Շահպազով:

2020 թուականի Դեկտեմբեր 31-ին Ատրպէյճանը սկսած է Անդրադրիատիկ կազատարով կազի առեւտրային մատակարարումները Եւրոպա: