Սեւ լիճի հատուածին մէջ ատրպէյճանցի զինուորականները փորձած են բարելաւել իրենց յենակէտերը, բայց հանդիպած են հայկական զինուժի դիմադրութեան։ Այս մասին յայտնած է Գորիսի փոխհամայնքապետ Կարէն Քոչարեանը` հաստատելով այս տեղեկութիւնները, թէ Սեւ լիճի հատուածին մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ միջադէպ եղած է։
«Դիրքային անհանգստութիւն է եղել։ Կրակոցներ չեն եղել։ Ատրպէյճանցիները յառաջ գալու փորձ են արել, մեր տղաները կասեցրել են։ Մեր տղաները բարելաւել են իրենց դիրքերը», ըսաւ ան։