image

Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն վանտալիզմը Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ

Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն վանտալիզմը Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ

Ատրպէյճանցի բարբարոսները կը շարունակեն մշակութային վանտալիզմը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ՝ աւերելով ոչ միայն հայկական եկեղեցիները, խաչքարերը, Արցախեան ազատամարտին նուիրուած յուշահամալիրները, հայկական գերեզմանատուները, այլեւ Երկրորդ աշխարհամարտին նացիզմի դէմ կռուած հայ մարշալներու արձանները: Մասնաւորապէս, Արցախի Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են ԽՍՀՄ օդուժի մարշալ, ծնունդով արցախցի Արմենակ Խանփերեանցի (Սերկէյ Խուտիակով) կիսանդրին: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ տեղեկութիւնը յայտնած է war.karabakhrecords.info հարթակը, որ կը պատմէ Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու մասին:

Կայքը նշած է, որ մարշալ Խանփերեանցի արձանը պղծելու փաստը յայտնի դարձած է 2021-ի Յուլիսին առնուած արբանեակային լուսանկարներէն:

«Նախքան պատերազմը արուած արբանեակային լուսանկարներին մէջ կ'երեւայ ե՛ւ մարշալի կիսանդրին, ե՛ւ տուն-թանգարանի տարածքին մէջ գտնուող «ՄիԳ-17» կործանիչը: Սակայն արդէն պատերազմէն ամիսներ անց առնուած լուսանկարներուն մէջ նոյն տարածքին մէջ կը բացակայի Արմենակ Խանփերեանցի կիսանդրին, իսկ անոր «ՄԻԳ-17» կործանիչը մասամբ ջարդուած եւ անդին  նետուած է», - նշած է կայքը:

Աւելի վաղ, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը նոյնպէս յայտնած էր, որ Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ ոչնչացուած է ԽՍՀՄ օդուժի մարշալ Սերկէյ Ալեքսանտրովիչ Խուտիակովի (Արմենակ Խամփերեանց) յուշարձանը, իսկ Ազոխ գիւղին մէջ՝ Խորհրդային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի հիմնադիր հայրերէն մէկուն՝ զօրավար-գնդապետ Սերկէյ Սարդարովի եւ ծովակալ Յովհաննէս Իսակովի արձանները: