Ատրպէյճանցիները կրկին սկսած են սպառնալ Արցախի Ասկերանի շրջանի Խրամորթի գիւղացիներուն: Այս մասին ըսած է Խրամորթի գիւղապետ Զօրիկ Աբրահամեանը:
Ան ըսաւ, որ այս ընթացքին բանակցութիւններ կը վարեն: «Խառն վիճակ է: Ատրպէյճանցիները քարոզչական մեքենան միացուցած ժողովուրդին վրայ հոգեբանական ճնշումներ կը գործադրեն», նշեց Աբրահամեան:
Խրամորթի գիւղապետին խօսքով` երէկ ալ, այսօր ալ ատրպէյճանցիները տեղի բնակիչներուն կ'ըսեն, որ հեռանան գիւղէն: