image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանցիները կը լեցուին Սիւնիք եւ անոնց դժուար կ'ըլլայ ետ շպրտել. Սէյրան Օհանեանը՝ «միջանցք» տալու մասին

 Ատրպէյճանցիները կը լեցուին Սիւնիք եւ անոնց դժուար կ'ըլլայ ետ շպրտել. Սէյրան Օհանեանը՝ «միջանցք» տալու մասին

Ժամանակէն շուտ սահմանագծման աշխատանքներ իրականացնելը երկու դժուարագոյն իրավիճակի պիտի բերէ Հայաստանին՝ առաջինը տնտեսութեան լուրջ հարուած պիտի ըլլայ մանաւանդ Սիւնիքի հատուածին մէջ, երկրորդ, ատրպէյճանցիները այդտեղ պիտի փորձեն փոխել նաեւ ժողովրդագրական պատկերը, պիտի գան լեցուին ու շատ դժուար պիտի ըլլայ իրենց ետ շպրտել: Ըսած է «Հայաստան»  խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը ճեպազրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով Հակարիի կամուրջի մօտ տեղի ունեցած միջադէպին:

«Սա հերթական սադրանքն է Հայաստանում: Իրենք տարբեր հատուածներում են կազմակերպում սադրանքներ, իրական իրավիճակից շեղելու եւ իրենց նպատակները առաջ  տանելու համար: Իրենք շարունակում են ճնշումներ գործադրել հայկական կողմի վրայ, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի: Լաւ է, որ հայկական կողմը կարողացել է կանխել, ետ շպրտել»,-ըսած է ան:

Օհանեան կարեւորած է, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը միշտ մարտունակ վիճակի մէջ եղած է, միշտ կանխարգիլած են բոլոր այսպիսի իրավիճակները:

«Քանի ադրբեջանցիները գտնւում են մեր սահմաններում, որեւէ ճանապարհի եւ որեւէ սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատանք չպէտք է տարուի: Ադրբեջանցիները դուրս պէտք է գան Հայաստանից, իրենք պէտք է իրենց պարտականութիւնները միջանցքի առումով կատարեն առաջին հերթին Արցախի ժողովրդի նկատմամբ»,-ըսած է ան: