image

Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուի ՀՀ ինքինիշխան տարածքէն. Միրզոյեան` Պլինքընին եւ Պայրամովին

Ատրպէյճանական Զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուի ՀՀ ինքինիշխան տարածքէն. Միրզոյեան` Պլինքընին եւ Պայրամովին

19 Սեպտեմբերին, ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին ՀՀ ինքինիշխան տարածքէն, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումն անընդունելի են, իսկ հետագայ մագլցումներու կանխարգելման նպատակով պէտք է ներդրուին միջազգային մեքենականութիւններ։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը կարեւորած է մարդասիրական խնդիրներու, այդ շարքին` ռազմագերիներու հայրենադարձման շուտափոյթ կարգաւորումը։

Նախարար Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ ներգրաւուելու յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման գործընթացին։