Նոյեմբեր 21-ին՝ ժամը 22:45-ին, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Նոյեմբեր 22-ի՝ ժամը 09:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը առաջնագծին յարաբերականօրէն կայուն է: