image

Ատրպէյճան հաստատեց. Մարտակերտ հասած զինուորը Կեանճայէն (Գանձակէն) էր

Ատրպէյճան հաստատեց. Մարտակերտ հասած զինուորը Կեանճայէն (Գանձակէն) էր

 Ատրպէյճանական բանակի արտակարգ անյետաձգելի ռազմական ծառայութեան զինուոր Պապաեւ Ճամիլ Նաթիղօղլուն կամաւոր լքած է Կեանճայի (Գանձակ) հիւանդանոցի հոգեբուժական բաժանմունքը: Այս մասին յայտնած է Haqqin.az-ը՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան:

«Պապաեւի դէմ քրէական գործ յարուցուած է, կը կատարուի հետաքննութիւն:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ, ենթադրաբար, ատրպէյճանցի զինուորը անցած է ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք»,- յայտնած է աղբիւրը:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան այս հաղորդագրութիւնը աւելի շատ հարցեր կ'առաջացնէ, քան պարզաբանումներ կու տայ: