Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յունահայ համայնքի գործիչներէն, ՀՅԴ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուցած Գրիգոր Էրջէնեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ մեր պաշտօնակից ՝ «Ազատ օր»էն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի այս առթիւ հրապարակած մահագրութիւնը.
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ.Յ.Դ. Կոմիտէներն ու շարքային ընկերները մեծ վիշտով կը գուժեն մահը վաստակաշատ գործիչ, Հ.Յ.Դ. յաջորդական Կեդրոնական Կոմիտէներու ներկայացուցիչ եւ անդամ՝
ընկ. ԳՐԻԳՈՐ ԷՐՋԷՆԵԱՆի
անժամանակ մահը։
Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Նէոս Գոզմոսի Ս.Կարապետ եկեղեցիէն Հինգշաբթի 11 Օգոստոս 2022ին, առաւօտեան ժամը 11ին եւ մարմինը պիտի ամփոփուի Անօ Վուլայի գերեզմանատունը։