image

«Աստուած հետդ Վարուժան։ Ոչ ոք կրնայ մոռնալ քեզի պէս արքայազն մարդուն». Պետրոս Աֆէյեան

 «Աստուած հետդ Վարուժան։ Ոչ ոք կրնայ մոռնալ քեզի պէս արքայազն մարդուն». Պետրոս Աֆէյեան

Օրերս,   ԱՄՆ-ի մէջ իր մահականացուն կնքեց լիբանանահայ գեղարուեստի կարկառուն դէմքերէն համարուող՝ Վարուժան Մարտիրեանը։

Ի դէպ   Մարտիրեանի  մասին  սրտառուչ գրառում մը կատարած է  հանգուցեալի  փեսան՝   Պետրոս Աֆէյեան եւ զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 Աֆէյեան կը գրէ՝ 

Վարուժան Մարտիրեանը աներհայրս եղած է։   Օրեր առաջ, ան կեանքէն հեռացաւ, մօտաւորապէս 87 տարեկանին։ Ան ապրեցաւ լիարժէք կեանքով մը։ Բազմաթիւ վտանգներու դէմ յանդիման գտնուելով, պատուով յաղթահարեց զանոնք: Առաջին դժուարութիւնը, Լիբանանի մէջ, մանկութեան շրջանին՝ աղքատութիւնն էր: Խեղդող հանգամանքներէն խուսափելու համար, ան անվճար ուսանելու գացած է Խորհրդային Հայաստան եւ ստացած ճարտարագիտութեան մագիստրոսի կոչում: Վեց տարի ետք, ան վերադարձած է Պէյրութ, իր տիկնոջ (Փոլիթեքնիքի դասընկերուհի) եւ նորածին դստեր՝ Մարինէին հետ։ Միջին Արեւելքի մէջ, անոր ընտանիքը հանդիպած է մշակութային բախման: 

Լիբանանի մէջ, Վարուժանը հիմնեց ճարտարապետական եւ շինարարական իր աշխատանք, բայց 1975 թուականին սկսաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը, որ ծունկի բերաւ ողջ երկիրը, պատճառ դառնալով,  որ    Մարտիրեաններու ընտանիք Մոնթրէալ գաղթէ:  Պատերազմը  նաեւ  պատճառ դարձաւ, որ տասնամեակներ շարունակ շինարարական աշխատանքները դադրին։ Այս նաեւ պատճառ դարձաւ, որ Վարուժան փոխէ իր աշխատանքը, կիրառելով փայտի քանդակագործութիւնը: Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք, ան պատրաստած էր աւելի քան 200 հսկայ քանդակներ, մերկ կնոջ թեմայով: Անոր հիմնական զբաղումը եւ մտահոգութիւնը, սակայն, եղած է իր երկու դուստրերու կրթութիւնը, այդ դաժան ու անորոշ պայմաններու մէջ (անքուն գիշերներ ստորգետնեայ կացարաններու մէջ, փակ վարժարաններ, եւ այլն): Իսկ յետոյ, անոր երկու դուստրերը գաղթեցին ԱՄՆ: 

Երկար տարիներ ետք, Մարինէի պնդումով, Վարուժան եւ Սվէթա վերջնականապէս տեղափոխուեցան  ԱՄՆ, ուր վայելեցին իրենց դուստրերուն եւ թոռներուն ընկերակցութիւնը: Անոնք խաղաղ ապրեցան, առանց ոչ մէկ պատերազմի՝ ոչ արժեզրկուած արժոյթ, ոչ նաւահանգիստի պայթում, ոչ «Հըզպոլլահ»ի հրթիռներ եւ ոչ ալ իսրայէլական օդային հարուածներ։ Այլ գեղեցիկ բնակարան մը «Ռէտւուտ» քաղաքիՆ մէջ, ուր ամէն Շաբաթ օր ընտանեկան սեղանի շուրջ կը հաւաքուէին ու կը ճաշէին, ամենօրեայ զբօսանքներ կը կատարէին եւ հեռատեսիլի հայկական ալիքներուն կը հետեւէին:

Այս Շաբաթ օրը, երբ կը սպասէր թոռան՝ Լեւոնին բժշկական համալսարան ընդունուելու ուրախ լուրին, ընդամէնը քանի մը ժամուան ընթացքին, փոքր կաթուածներէ ետք, անոր սիրտը լռեց։ Բոլոր անոնք որոնք զինք կը ճանչնան, պիտի յիշեն զինք որպէս բարի, քաղցր, չափազանց հոգատար եւ առատաձեռն մարդ, որ կը սիրէր իր ընտանիքը, հայութինը, արուեստը, ճարտարագիտութիւնը, իր ներքին՝ հարուստ կեանքն ու մտորումները:

Ան հոյակապ մարդ էր, եւ ան շատ աւելի հարուստ կեանքով պիտի ապրի մեր յիշողութեան եւ գործերուն մէջ՝ ապահով եւ պաշտպանուած։

 

Աստուած հետդ Վարուժան։ Ոչ ոք կրնայ մոռնալ քեզի պէս արքայազն մարդուն։