image

«Աշխարհ կանգնիր Արցախի կողքին». Արթուր Ալեքսանեան

«Աշխարհ կանգնիր Արցախի կողքին». Արթուր Ալեքսանեան

Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ, արծաթեայ, բրոնզեայ մետալակիր, աշխարհի քառակի, Եւրոպայի հնգակի եւ Եւրոպական խաղերու ախոյեան, հունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան ընկերային ցանցերու մէջ ըրած հրապարակումով անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան - Արցախ միակ ճանապարհի արգելափակման փաստին։

Ողիմպիական ախոյեանը Ինսթակրամի «սթորի» բաժնին մէջ  25 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն լուսանկար տեղադրած է:

«Աշխարհ, կանգնիր Արցախի կողքին, բացիր կեանքի ճանապարհը», - հրապարակման կից գրած է ողիմպիական ախոյեանը: