Պարտադիր չէ Օգոստոս 4 մը, որ Լիբանան տառապի։
Մէկուկէս տարի է, որ Լիբանան կը շարունակէ կանգնիլ տխուր իրավիճակի մը եւ խորացող տնտեսական, Ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամի մը առջեւ։ Համաշխարհային դրամատան տուեալներով, այս իրավիճակը սարսափելի է եւ կրնայ դասուիլ 1800 թուականներու կէսերէն ի վեր աշխարհի երեք ամենավատ ճգնաժամերէն մէկը։
Ի՞նչ պիտի նշանակէ փլուզում եւ ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ այդ, հարցեր են, որոնք կը սաստկացնեն մեր ամենասարսափելի երեւակայութիւնը։
Երկարատեւ տառապանքի եւ հորիզոնի վրայ առանց տեսանելի աւարտի, անհատներ, ընտանիքներ, կրթական հաստատութիւններ եւ առեւտրական կեդրոններ կը պայքարին գոյատեւելու: Օրերը կը սպառին դեղորայքի, վառելանիւթի, առանց չափազանցութեան նոյնիսկ աղբամաններու մէջ պեղուած սնունդի եւ այլ տարրական կարիքներու որոնումով, որոնք սակաւ են եւ օրէ օր աւելի անհնար գտնել: Առաւե՛լ, ելեքտրական հոսանքի ամէնօրեայ անջատում, որոնք կը տեւեն ժամեր։
2020-ի Աւետարանչականի շտապ օգնութիւնը կը շարունակէ օրհնութիւն դառնալ մեր ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ մինչեւ այսօր՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Պէյրութի եւ Հալէպի կրթական խորհուրդներու եւ Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբերու համագործակցութեամբ։
Կարիքը սակայն անսպառ է:
Մեծագոյն զոհը կը շարունակէ մնալ Յոյսը կամ Յոյսի խաւարումը:
Արժանապատուութեան հարց է:
Սփիւռքահայու արժանապատուութեան կենդանութեան:
Կարե՞լի է զոհաբերել Լիբանանահայու արժանապատուութիւնը:
Սփիւռքն ու Հայրենիքը հարկ է որ անյապաղ ստեղծեն արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող Սփիւռքահայ գաղութներու անվտանգութեան, ապահովութեան եւ տուն դարձը սերտող եւ մշակող ռազմավարութիւն մը: Բաւ է արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող Սփիւռքեան գաղութներու խաչելութիւնն ու մարտիրոսացումը:
Մինչ այդ ամէն միջոց եւ ծրագիր հարկ է որդեգրել այս ամենասարսափելի իրավիճակը փրկելու համար։
Գործենք ա՛յսօր։ Ձեր նուիրատուութիւնները անյապաղ պիտի վերածուին Աստուածատուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյատեւման ուղին:
Կացութիւնը թաւագլոր կը շարունակէ վատթարանալ:
Յոյս ներշնջէ Լիբանանահայ եղբօրդ:
Արժանապատուութեան հարց է:
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
https://amaa.org/neareastrelief/