image

Արտակարգ դէպք Նոր Նորքի մէջ. Գրանցուած է պայթում եւ կայ 1 տուժած

Արտակարգ դէպք  Նոր Նորքի մէջ. Գրանցուած է պայթում եւ կայ 1  տուժած

Երեւանի մէջ, այսօր` Մայիս 31-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 12:40-ի սահմաններուն ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Նոր Նորք վարչական շրջանի 4-րդ զանգուածի Ա. Յովաննիսեան փողոցի 20 շէնքի յետնամասին մէջ գործող ինքնաշարժի սպասարկման կէտին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: 

Պարզուած է, որ նշուած կէտին մէջ տեղի ունեցած է ելեկտրական լարերու խափանում, որմէ յառաջացած է պայթում` հրդեհի բռնկմամբ:

Մինչ հրշէջներու ժամանումը, տեղի ուժերով մարած են կրակը, իսկ փրկարարները պայթումին հետեւանքով նշուած շէնքի հարեւանութեամբ գտնուող թիւ 16 շէնքի վերելակին մէջ արգելափակուած մէկ քաղաքացուհի դուրս բերած են այնտեղէն: 

Ժամանած են նաեւ Երեւանի 1-03 շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը, որոնք առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են սպասարկման կէտի աշխատակից` 44-ամեայ Էտկար Զ.-ին: