image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Փամբուխչեանը ԱԻ Նախարար նշանակուեցաւ

Արմէն Փամբուխչեանը  ԱԻ Նախարար նշանակուեցաւ

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Փամբուխչեանին ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակելու մասին: 

Յիշեցնենք, որ Արմէն Փամբուխչեանը երէկ, վարչապետի հրամանով, ազատուած է արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարարի պաշտօնէն:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 1-ին, ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով, ԱԻ նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը ազատուած էր իր պաշտօնէն: Ան ձերբակալուած էր Մարտ 30-ին կաշառքի բազմադրուագ գործի մեղադրանքով:

Աւելի ուշ, նախկին նախարարը կալանաւորուեցաւ: