«Իզմիրլեան» ԲԿ նախկին տնօրէն, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանը պիտի կալանաւորուի։ Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանի նախագահութեամբ, բաւարարած է Չարչեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մասին որոշման դէմ դատախազութեան բողոքը՝ բեկանելով առաջին ատեանի դատարանի որոշումը եւ անփոփոխ թողած է մինչդատական վարոյթին մէջ Չարչեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը։
Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Չարչեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ