Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ հասարակական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ եղան, իսկ արդէն գոյութիւն ունեցողներէն ոմանք ա՛լ աւելի ամրացան, զարգացան ու աշխուժացան։ Վերջիններուն կարգին է «ArmBionics» սկսնակ ձեռնարկը, ուր երիտասարդ բժիշկներու ու ճարտարագէտներու 10–հոգինոց խումբ մը կը նախագծէ ու կը հաւաքէ արհեստական վերին վերջոյթներու (prosthesis) քանի մը օրինակներ։
Ձեռնարկի տնօրէն եւ համահիմնադիր՝ Մարինա Դաւթեան Երեւանի Մ. Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի ուսանող է, իր դասարանակիցներուն հետ առաջին անգամ արհեստական վերջոյթներու թեմայով հետազօտական նախագիծը սկսած են 2017-ին։ 2019-ին Դաւթեան ծրագրի կապակցութեամբ այցելած է ԱՄՆ-ի Շիքակօ քաղաքը, որու համալսարաններէն մէկուն կից վերականգնողական կեդրոնէն ներս առնչուած է արհեստական վերջոյթներու ոլորտի նորութիւններուն։ «ArmBionics»-ը կը հիմնադրուի նոյն թուականին, նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ դառնալ առաջին ընկերութիւնը, որ կը զբաղի վերին վերջոյթի արհեստական անդամներու արտադրանքով։
«Միշտ հետաքրքրուած եմ գիտական արհեստագիտութիւններով, եւ անոր աւելցնելով ընկերային գործօններով։ Ընտրած էինք վերին վերջոյթներու արհեստական անդամները, քանի որ, օրինակ, ստորին վերջոյթները շատ աւելի պարզ կ'աշխատին, շարժումները սահմանափակ են։ Ձեռքերու պարագային մարտահրաւէրները աւելի շատ են, նոր խօսք ըսելու հնարաւորութիւն կայ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ աշխարհի մակարդակով», - կ'ըսէ Դաւթեան։
Ձեռնարկը նոր թափով սկսած է աշխատիլ 2020-ի պատերազմէն յետոյ։ Ընկերութեան շուրջ սկսած են հաւաքուիլ սփիւռքահայ կամաւորներ Ռուսաստանէն, Գերմանիայէն, նոյնիսկ Ուրուկուէյէն։ Ձեռնարկին միացած է նաեւ ճարտարագէտ Մանուէլ Գրիգորեան, որ պատերազմէն յետոյ Ֆրանսայէն փոխադրուած էր Հայաստան ու հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու տարբերակ կը փնտռէր։
«Կը տեսնէի, որ մարդասիրական գործունէութիւն ընողները շատ էին, բացի այդ կ'ուզէի գիտելիքներս կիրառել։ Այդպիսով ներքաշուեցայ վերին արհեստական վերջոյթներու արտադրութեան գործին մէջ. պատերազմէն ետք անոնց շատ կարիքը կայ Հայաստանի մէջ», - կ'ըսէ Մանուէլ, որ այժմ ձեռնարկին երկրորդ համահիմնադիրն է։
Երիտասարդներու փոքր խումբը ոչինչէն կը կատարէ արհեստական անդամները ստեղծելու բոլոր աշխատանքները՝ կը նախագծէ, կը ձեւաւորէ, 3D տպիչներով կը տպէ, կը հաւաքէ ու կը վերամշակէ։ Այսօր մշակուած է արհեստական անդամի չորս տարբերակ՝ երեքը` մեքենական (մատներ, ձեռք, արմուկ), մէկը՝ էլեկտրական (արմուկ): Արտադրանքը պատրաստելէ, օգտատիրոջ հետ փորձարկելէ եւ վերջինիս փոխանցելէն բացի «ArmBionics» մեծ կարեւորութիւն կու տայ նաեւ ֆիզիքական եւ հոգեբանական վերականգնողական աշխատանքին, որ կը կատարուի գործընթացի ողջ ընթացքին։
«Արհեստական Անդամ գործածելը պէտք է սորվիլ այնպէս, ինչպէս, օրինակ, հեծանիւ քշել կը սորվիս։ Միջազգային վիճակագրութիւնը կ'ըսէ, որ արհեստական անդամ ձեռք բերած մարդոց մէկ մասը ինչ որ ժամանակ ետք կը դադրի զայն օգտագործելէ կիրառման ձեւերը այդպէս ալ լաւ չսորվելու պատճառով։ Անոր համար մենք որոշած ենք անհատական վարժութիւններ կատարել օգտատէրերուն հետ», - կը պատմէ Մարինան։
Այսօր ձեռնարկը արտադրութեան սկզբնական փուլն է. արհեստական վերջոյթները դեռ չեն վաճառուիր, անձնակազմը կ'աշխատի զանոնք կատարելագործելու ուղղութեամբ՝ ներգրաւելով հաւանական շահառուներ։ Արհեստական անդամներ նուիրուած են ձեռքերը կորսնցուցած երկու անձի՝ մէկը արկածի հետեւանքով հաշմանդամ եղած է, միւսը` 44-օրեայ պատերազմին։ Այդ երկու տղաքը ընկերութեան կը ներկայացնեն արհեստական անդամներու կիրառութեան իրենց փորձառութիւնը, խորհուրդներ կու տան, թէ ինչ փոխեն եւ ինչ շտկեն։
«Խորհուրդ տուած են լայնցնել որոշ հատուածներ, մատներու շարժումները քիչ մը փոխել։ Մեր արտադրանքը պէտք է անհատականօրէն յարմարցուած ըլլայ իւրաքանչիւր օգտատիրոջ համար, սակայն ընդհանուր կառավարման ու կիրառման ձեւերը պէտք է նոյնը ըլլան ու առաւելագոյն ձեւով յարմար», - կ'ըսէ Մանուէլ։
Այսօր Հայաստանի մէջ ձեռքերու համար արհեստական անդամները միայն կը ներածուին։ Պատերազմէն յետոյ կառավարութիւնը ձեռք բերաւ իսլանտական արհեստական վերջոյթներ, որոնց ամէն մէկը մօտ 50 հազար տոլար էր։ «ArmBionics»-ը իր նախագծած արհեստական ձեռքերը անկասկած քանի մը անգամ աժան պիտի վաճառէ: Ընկերութիւնը բանակցութիւններու մէջ է ՀՀ աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ, դրամաշնորհ ստացած է բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն։ Երիտասարդները այսօր կ'աշխատին ֆինանսական ներդրումներ ձեռք բերելու ուղղութեամբ: Ձեռնարկի հիմնադիրներուն նպատակներն են նախ Հայաստանի մէջ վերին վերջոյթի հաշմանդամութիւն ունեցողներու կեանքը թեթեւցնել, ապա հայկական արտադրանքը արտածել տարածաշրջանային եւ միջազգային շուկաներ։
Նիւթը՝ Ժաննա Պօղոսեանի
(Sputnik Armenia)