«Արեւելք» համացանցի ճամբով վերահասու դարձաւ, որ Իրաքի Քիւրտիստանի կառավարութիւնը, որ կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ Քիւրտիստանի ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ արդիական ծրագիրներ իրականացնելու համար սկսած է համագործակցիլ հայրենի «Սինէրժի» ընկերութեան հետ, որու ներկայացուցիչը՝ հալէպահայ մեր հայրենակից Գրիգոր Պայթարեան օրերս այցելած է Իրպիլ։
Այս առումով ալ Քիւրտիստանի ծրագրաւորման նախարարութիւնը հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.
9 Օգոստոս, 2021-ին, Իրաքեան Քիւրտիստանի Նախարար՝ Տ. Տարա Ռաշիտ, նախարարութեան Ներդրումներու պիւտճէի ընդհանուր տնօրէն՝ Մուհտի Ապտալլայի ներկայութեամբ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Synergy ընկերութեան նախագիծի աւագ ղեկավար՝ Գրիգոր Պայթարեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք քննարկած են KDMS-ի (Քիւրտիստանի զարգացման կառավարման համակարգ) կիրառման մանրամասնութիւնները: KDMS-ը համցանցային համապարփակ ծրագիր մըն է, որ կը կառավարէ Իրաքեան Քիւրիստանի կառավարութեան եւ նուիրատուներու կողմէ ֆինանսաւորուող զարգացման ամբողջ ծրագիրներու ցանցը, անոնց կարգին ընկերային, տնտեսական, ինչպէս նաեւ բնապահպանական ծրագիրները:
Այս համակարգը նախագծուած է համագործակցութեամբ՝ Քիւրտիստանի Ծրագրման նախարարութեան, #USAID/Tatweer- ի, (Միացեալ Նահանգներու զարգացման ծրագիր), #UNDP- ի (ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիր) եւ Synergy International Systems- ի փորձագէտներուն:
Յիշեցնենք, որ Synergy հայկական ընկերութեան տեղեկատուական համակարգի այս նախագիծը կը ֆինանսաւորուի Քիւրտիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ միջազգային դրամատան աջակցութեամբ: