image

Արեւմտեան Թեմի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ»  հատորը

Արեւմտեան Թեմի նոր հրատարակութիւնը՝ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ»  հատորը

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է «Հայ Բանասիրութեան Հեռանկարներ. Ուսումնասիրութեան Եւ Ուսուցման Արդի Խնդիրներ» ժողովածուն, որ կ՚ամփոփէ 2024ի Յուլիսին Երեւանի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովի նիւթերը, որոնք կ՚առնչուին հայագիտութեան ոլորտի ընելիքներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ հերթական գիտական ծրագիրը յաջողութեամբ իր աւարտին հասաւ, երբ հրատարակուեց «Հայ Բանասիրութեան Հեռանկարներ. Ուսումնասիրութեան Եւ Ուսուցման Արդի Խնդիրներ» ժողովածուն։ Այն ամփոփում է Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հետ համատեղ 2024ի Յուլիսին Երեւանում անցկացուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերը, որոնք առնչւում են հայագիտութեան այս կարեւոր ոլորտի անելիքներին։

Ժողովածուն օժտուած է գիտական անհրաժեշտ պարագաներով, այն քննարկել եւ տպագրութեան են երաշխաւորել Հայաստանի հեղինակաւոր գիտական հիմնարկութիւններ՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանի Գիտական խորհուրդը, Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի Բանասիրական բաժանմունքի Գիտական խորհուրդը եւ նոյն համալսարանի հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան եւ նրա դասաւանդման ամբիոնը, ՀՀ ԳԱԱ Գիտակրթական միջազգային կենտրոնի լեզուաբանութեան ամբիոնը։

«Վստահ ենք, որ ժողովածուի արդիական յօդուածները եւ գիտաժողովներու ճամբով առնուած քայլերը դրական յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն՝ հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը պահող ազգային արժէքներուն պահպանման եւ զարգացման տեսակէտէն: Մեր սպասումն է, որ ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս ապրող մեր հաւատաւոր նորահաս սերունդները տէրն ու պաշտպանը դառնան դարերու հոլովոյթով մեզի հասած հոգեւոր այն ժառանգին, որուն մէջ մեզ բոլորս իրար կապող խորհուրդ մը կը տեսնենք», գրքի առաջաբանի իր օրհնութեան խօսքն է փոխանցել Յովնան արք. Տէրտէրեանը։

Ժողովածուի յօդուածների հեղինակները անուանի հայագէտներ են գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան, բանագիտութեան եւ այլ ոլորտներից, եւ իրենց հրապարակումներով ներկայացրել են գիտաճիւղի արդի խնդիրները։ Ժողովածի իւրաքանչիւր թեմա արժանի է «բացելու», շարունակելու, քանզի դրանք գիտական զարգացման ուղի են մատնանշում։ Հայ բանասիրութեան առջեւ դրուած խնդիրները է՛լ աւելի հրատապ եւ ուշադրութեան արժանի են ներկայ օրերում, երբ մեր մշակութային, լեզուական, գրական հսկայական պաշարը աշխարհին ներկայացնելու խնդիրը հրատապ է։ Եւ անընկրկելի հետեւողականութեամբ կարելի է արդի պահանջներին համապատասխան հայ բանասիրական գիտական նշաձող ունենալ, ինչպիսին որ ունեցել ենք բազում դարեր շարունակ։

Գիտաժողովի կազմակերպիչ Արեւմտեան թեմը, Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ, մշտապէս սատար է կանգնել գիտական բազմազան ձեռնարկների՝ գիտաժողովներ կազմակերպելով, հրատարակութիւններով, ուսանողների աջակցութեան բազմաբնոյթ ծրագրերով։