Արցախի պետական հիմնարկները Հայաստանի մէջ գործեն՝ ի՞նչ ընեն: Այս մասին, նոյեմբեր 28-ին, լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւն կայ, Հայաստանի պետական ինստիտուտները գործում են: Ի՞նչ ֆունկիցա պիտի իրականացնեն Արցախի ինստիտուտները: Արցախահայութեան իրաւունքները Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանում է»,-ըսած է Խաչատուրեանը:
Հարցին՝ Հայաստանն ինչպէ՞ս կը նպաստէ արցախահայերու վերադարձին, ան պատասխանած է. «Դա արդէն քննարկումների մէջ է»:
Վահագն Խաչատուրեանը յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչցած է դեռ 1991 թուականին:
Հարցին, թէ այդ պարագային ինչու Ալիեւ չէր վերցներ Արցախը այս 30 տարիներու ընթացքին, ՀՀ նախագահն արձագանգած է. «Թող վերցնէր»:
Հարցին՝ չէ՞ր կրնար։ Պատասխանած է. «Երեւի»։