Փետրուար 20-ին Արցախի մէջ զոհուածներու, անհետ կորսուածներու հարազատները հաւաք նախաձեռնած են Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, այնուհետեւ շարժած են դէպի կառավարութեան շէնք:
Արցախցիները կառավարութեան ուղղուած շարք մը հարցեր բարձրացուցած են՝ Արցախի մէջ զոհուածներու գերեզմաններու արտաշիրիմում, կացարաններու, կերակրողը կորսնցնելու նպաստի հարցի լուծում, քանի որ «1000+» ծրագրի շահառուները չեն ստանար այլ նպաստներ:
Հաւաքուածներէն եօթ հոգի հանդիպած են փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գրասենեակի ղեկավարի հետ եւ ներկայացուցած իրենց յուզող հարցերը. հետագային որոշ հարցերու շուրջ համապատասխան մարմիններու հետ հանդիպումներ ունենալու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է: