Հայաստանի կառավարութեան ու ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ իրականացուող բանակցութիւններուն շնորհիւ` ատրպէյճանական կողմը սկսած է Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Արցախի տեղեկատուական շտաբը կը յայտնէ, որ պայմանաւորուածութեան համաձայն` կազամատակարարումը կարճ ժամկէտի մէջ պիտի վերականգնուի, եւ Արցախի իշխանութիւնները կը գործադրեն բոլոր ջանքերը, որ այդ տեղի ունենայ ժամ առաջ:
Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը յորդորեն բոլոր բաժանորդներուն պահպանել զգօնութիւն եւ համոզուիլ, որ կազամատակարարման վերականգնման պահուն կազի արտահոսք ու արտակարգ պատահար տեղի չունենայ:
«Արցախի կառավարութիւնը կը հայցէ բոլոր քաղաքացիների ներողամտութիւնը յարուցուած դժուարութիւնների համար եւ հաւաստիացնում, որ Արցախի առջեւ ծառացած բոլոր հիմնախնդիրները կարող ենք յաղթահարել մեր միասնականութեան, վճռականութեան ու համբերութեան միջոցով», նշուած է Արցախի շտաբի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: