Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարտ 11-ին տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ատրպէյճանական տեսադիտարկման համակարգերը արձանագրած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ ՀՀ Զինուած Ուժերու ռազմական տեխնիկայի շարասիւանի երթը Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր ճանապարհով, չի համապատասխաներ իրականութեան:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ այդ տեղեկութիւնները կեղծ են եւ ՀՀ Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումներ, ռազմական տեխնիկա Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին չկան: