Ուսանողները այսօր՝ 19 դեկտեմբերին, Երեւանի պետական համալսարանի շէնքի մօտէն բողոքի երթ սկսած են դէպի Կառավարութեան շէնք: Անոնք կը պահանջեն քայլեր ձեռնարկել Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհը բանալու ուղղութեամբ: Ուսանողները որոշած են պահանջագիր ներկայացնել կառավարութեան՝ ապահովելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը:
Այս մասին կը հաղորդէ «NEWS.am»ը, նշելով, որ ցոյցի մասնակիցներէն արցախցի ուսանողուհի Մարիամ Հայրեանը նշած, որ արդէն 8 օր է, որ Արցախը շրջափակման մէջ է եւ երթալով իրավիճակը աւելի պիտի բարդանայ, քանի որ կարիքները երթալով պիտի աւելնան. «Պէտք է ամէն կերպ օգնենք 120 հազար մարդկանց, որովհետեւ իրենք իրօք մեր կարիքն ունեն: Հայաստանը պէտք է լինի Արցախի կողքին, լաւ է, որ ուսանողը միանում է մեր պայքարին, որ փորձենք օգնել Արցախ աշխարհին: Իմ ընտանիքը, բոլոր հարազատները Արցախում են, իրենք մեզ փոխանցում են, որ աւելի ակտիւ լինենք: Բոլորիս ներկայութիւնն այս ցոյցերին շատ կարեւոր է: Կանգնենք Արցախի կողքին եւ իմանանք, որ կարեւոր գործ ենք անում: Յուսանք ճանապարհը մինչեւ Ամանոր կը բացուի եւ ես Նոր տարին ինչպէս ամէն տարի, կը տօնեմ իմ տանը»,-ըսած է ան:
Մէկ այլ ուսանող՝ Անասթասիա Կիրակոսեանն ալ աւելցուցած է, որ իրենք երթով կը շարժին դէպի կառավարութեան շէնք, քանի որ կը համարեն, որ պետութենէն ներս որեւէ իրադարձութեան թիւ մէկ պատասխանատուն կառավարութիւնն է. «Պահանջելու ենք, որ թէկուզ յայտարարութեամբ կամ ինչ-որ նախաձեռնութեամբ կարողանան աջակցել մեր հայրենակիցներին»: