image

Արցախի Հանրապետությունը 31 տարեկան է

Արցախի Հանրապետությունը 31 տարեկան է

Այսօր՝ 2 սեպտեմբերին, Արցախը կը տօնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձը։

2 Սեպտեմբեր 1991–ին, Ստեփանակերտի մէջ, ժողովրդական պատգամաւորներու Լեռնային Ղարաբաղի մարզային Խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային Խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու Խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեց: Այդ օրէն սկսաւ Արցախի՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան ժամանակակից պատմութիւնը:

1991թ. 10 դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական անկումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայացաւ հանրաքուէ, որու ընթացքին ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 99,89 տոկոսը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան եւ Ատրպէյճանէն լրիւ անկախանալու օգտին: Հանրաքուէէն ետք, խորհրդարանական ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որ կազմեց առաջին կառավարութիւնը: Անկախ ԼՂՀ կառավարութիւնը իր պարտականութիւններու իրականացման անցաւ բացարձակ շրջափակման եւ  Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումներու պայմաններու մէջ:

Ստեղծուած իրավիճակին Պաքուի պատասխան գործողութիւնները չուշացան։ 1991 թ. 25 սեպտեմբերին Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը: Մեկնարկեց արցախեան ազատամարտը։ Պատերազմի յորձանուտին մէջ ձեւաւորուեցաւ հայկական բանակը, որ կարողացաւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։

Ատրպէյճանի խնդրանքով 1994թ․ 12 մայիսին ստորագրուած է հրադադարի մասին փաստաթուղթը Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու կողմէ:

Անկախութենէն 15 տարի անց կրկին 2 սեպտեմբերին  համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով արցախցիներն ընդունեցին պետութեան ու հասարակութեան հիմնական օրէնքը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը:

Անկախութեան հռչակման հետեւած 31 տարիներիու ընթացքին աշխարհի որեւէ պետութիւն չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը, չնայած, պետականաշինութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններն ակնյայտ են:

2020 թուականին 27 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, Թուրքիոյ եւ վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ, խախտելով 1994 թուականի 12 մայիսին ուժի մէջ մտած եռակողմ համաձայնագիրը եւ այլ միջազգային պայմանագրերը, Արցախի դէմ պատերազմ սկսաւ։ 9 Նոյեմբերին Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութեամբ ստորագրուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւն (Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ)։

Կրակի դադարեցման յայտարարութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան Հատրութի շրջանը ու Շուշին, ինչպէս նաեւ Արցախի անվտանգութեան ողջ գօտին։ Արցախի շփման գիծի ողջ երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին տեղակայուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։

2022 թուականի 25 օգոստոսին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան նաեւ Բերձոր քաղաքը, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս բնակավայրերը, քանի որ գործարկուեցաւ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան այն կէտը, որու համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովելու համար երեք տարիներու ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պիտի վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Այժմ գործարկուած է Լաչինի միջանցքի նոր երթուղին, որու անվտանգութիւնը կ'ապահովեն ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները։

Արցախի Հանրապետութեան 31-րդ տարեդարձի օրը Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած են շարք մը միջոցառումներ։ Մասնաւորապէս, Արցախի խորհրդարանի 5 խմբակցութիւնները յայտարարած են քայլերթ եւ հանրահաւաք կայացնելու մասին։ 2 Սեպտեմբերին, ժամը 17:30-ին, Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն բոլոր քաղաքացիները եւ մայրաքաղաքի հիւրերը հրաւիրուա են քայլերթի, իսկ ժամը 19:00-ին Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք՝ նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան հռչակման: