Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Միքայէլ Արզումանեան կալանաւորուեցաւ։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջին յայտնած է փաստաբան Երեմ Սարգսեանը։
«Ինչպէս եւ ակնկալւում էր՝ դատարանը կատարեց իր առաքելութիւնը եւ կալանաւորեց Միքայէլ Արզումանեանին։ Շոուն շարունակւում է…», - գրած է ան։
Յիշեցնենք, որ Միքայէլ Արզումանեան կը մեղադրուի Շուշիի պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին պաշտօնէական անփութութիւն կատարելու համար։ Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ քննչական ծաւալուն գործողութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ զօրավար-լեյտենանտը 2020 թուականի 30 հոկտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբերը Շուշիի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններու նկատմամբ՝ չկատարելով եւ ոչ պատշաճ կատարելով անոնք, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ։
Նշուած է, որ Արզումանեան չէ ապահոված ու չէ վերահսկած զօրքերու մարտական հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ օգտագործումն ու առաջադրուած խնդիրներու յաջող կատարումը, չէ ցուցաբերած անհրաժեշտ օգնութիւն, չէ դրսեւորած հաստատակամութիւն ու վճռականութիւն, ճկուն չէ արձագանգած ստեղծուած իրադրութեան փոփոխութիւններուն, չէ ապահոված զօրքերու կիրառման անընդհատութիւնը, ներդաշնակ եւ լիարժէք հրամանատարութիւնը եւ այլն: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ բազմաթիւ մանրամասներ բերուած են, թէ որ հատուածներուն ան չէ ապահոված անհրաժեշտ պաշտպանութիւնը, չէ կիրառած մարտունակ ջոկատներ, որ իրադրութիւնը ներկայացուցած է վերահսկելի, մինչդեռ 5 նոյեմբերին հակառակորդի ջոկատներն արդէն ներթափանցած էին Շուշի, եւ այնպիսի վայրերու մէջ տեղակայած էին իւրային ուժերը, որ անոնք յայտնուած են շրջապատման մէջ, որ չեն կիրառուած կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ։