image

Արցախեան Սահմանին Նահատակ Մը Եւս

Արցախեան Սահմանին Նահատակ Մը Եւս

 Ղարաբաղեան սահմանին  ոսոխը հերթական անգամ սադրանքի դիմելով ներթափանցման փորձ կատարած է Արցախի Թալիշ  աւանի  ուղղութեամբ:   Հայկական զօրքերը արագօրէն դիմադարձելէ  ետք   յաջողած են  ետ մղել հակառակորդը:  Տեղի ունեցած մարտերուն  ընթացքին հայկական կողմը տուած է մէկ նահատակ:  Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է ԼՂՀ   պաշտապանութեան նախարարութեան կողմէ, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ զոհուած  զինուորը 20    տարեկան Էտիկ Գրիգորեանը: Լրատուական  կայքեր գրած են նաեւ, որ Գրիգորեան վաղը պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայաութիւնը: