image

Արցախցիներու անվտանգութեան խնդրով Հաճիեւ պատասխանեց Արմէն Գրիգորեանին

Արցախցիներու անվտանգութեան խնդրով Հաճիեւ պատասխանեց Արմէն Գրիգորեանին

Ատրպէյճանի նախագահի՝ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով օգնական՝ Հիքմեթ Հաճիեւն արձագանգած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան առ այն, որ Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումէն յետոյ համաձայնութիւն կար ստեղծելու միջազգային մեքենականութիւն, որպէսզի Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանը քննարկեն արցախահայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը:

Այժմ Հաճիեւ կը պնդէ, որ «Գրիգորեանի յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան»:

««Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին» մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան միջազգային մեքենականութիւններու ստեղծման վերաբերեալ Ուաշինկթընի մէջ իբր ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան մասին յայտարարութիւնները կեղծ են։ Բանակցութիւններուն մէջ որեւէ հարցի քննարկումը չի նշանակեր, որ այս հարցով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է»,- ըսած է ան մեկնաբանելով Գրիգորեանի յայտարարութիւնը:

«Սեպտեմբեր 27-ին Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ մենք եւս մէկ անգամ յայտարարեցինք, որ Ատրպէյճանը միջազգային գործընկերներու հետ պիտի չքննարկէ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, սա մեր «ներքին գործն է», որ «կը կարգաւորուի Ատրպէյճանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն հիման վրայ», միջազգային մեքենականութեան ստեղծումը բացառուած է, Ատրպէյճանը մտադիր չէ այդ հարցը քննարկել ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ այլ պետութիւններու ու կազմակերպութիւններու հետ»,- եզրափակած է Հաճիեւ: