Նոյեմբեր 15-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ:
Ի շարունակութիւն հոկտեմբերին ՀՀ վարչապետի հետ քննարկման՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ռոպերթա Մեցոլան միտքեր փոխանակած են ՀՀ-ԵՄ համապարփակ գործընկերութեան օրակարգի հիմնական ուղղութիւններու, ատոր խորացմանն ուղղուած համատեղ ջանքերու շուրջ:
Երկուստեք պատրաստակամութիւն արտայայտուած է նախաձեռնելու լրացուցիչ քայլեր՝ Եւրոպական խորհրդարանի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ։
Բարձր գնահատելով մինչ օրս Հայաստանի Հանրապետութեան համար առաւել կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ արտայայտուած սկզբունքային դիրքորոշումը, ընդունուած բանաձեւերը՝ նախարար Միրզոյեանն ընդգծած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան շարունակական ամուր աջակցութեան, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հաստատման իրական ջանքերուն սատարելու կարեւորութիւնը։ Անդրադառնալով այդ ուղղութեամբ ՀՀ մօտեցումներուն՝ նախարար Միրզոյեանը շեշտած է, որ միջազգային գործընկերներու կողմէ գործուն ներգրաւուածութեան, հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ ընդունուած յայտարարութեամբ վերահաստատուած սկզբունքներուն Ատրպէյճանի յանձնառութեան պարագային հնարաւոր կ՚ըլլայ տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան։ Կարեւորուած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի բացառման եւ այնպիսի ծրագրերու կեանքի կոչումը, ինչպիսին է ՀՀ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը։
Արարատ Միրզոյեանը Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ 10 ամիս շարունակուած շրջափակման եւ սեպտեմբեր 19-ի ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած ու Հայաստան ապաստանած 100 հազարէ աւելի փախստականներու առանջային կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրմանն ուղղուած քայլերը։