image

Արարատ Միրզոեանն ու Ֆրանսայի ԱԳ նախարարը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Արարատ Միրզոեանն ու Ֆրանսայի ԱԳ նախարարը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Սեպտեմբեր 22-ին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ Ընդհանուր վեհաժողովի 78-րդ նստաշրջանի շրջանծիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն։

Ի շարունակութիւն նախորդ քննարկումներու եւ 21 սեպտեմբերին ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստի՝ քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։

Անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ընդհանուր անվտանգային իրադրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս փոխգործակցութեան հարցերու, ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան օրակարգին։