Հրատապ լուրեր:

«Առանց վախի ներկայացուցի, թէ ինչպէս բաժնուեցայ ամուսինէս».Լիբանանահայ Ժոէլ Մարտինեանի Reality Show-երը ուշադրութեան կեդրոնին(Տեսանիւթ)

«Առանց վախի ներկայացուցի, թէ ինչպէս բաժնուեցայ ամուսինէս».Լիբանանահայ Ժոէլ Մարտինեանի  Reality Show-երը ուշադրութեան  կեդրոնին(Տեսանիւթ)

Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօք կարմիր գիծեր կան իր այս հաղորդումին մէջ Ժոէլ պատասխանած է.- «Ես կը սիրեմ ըլլալ համարձակ: Չունիմ կաշկանդուածութիւն կամ կարմիր գիծեր, կը սիրեմ ազատութիւնս: Ես կը ներկայացնեմ իրապաշտ հաղորդում իմ իսկական կեանքի մասին: Առաջին եթերաշրջանին առանց վախի ներկայացուցի, թէ ինչպէս բաժնուեցայ ամուսինէս, իսկ երկրորդ եթերաշրջանին  պիտի ներկայացնեմ, թէ մօրս համար կեանքի ընկեր կը փնտռեմ, որպէսզի ինքն ալ ապրի ինչպէս իր զաւակները կ'ապրին»։

Արաբական «Շահէտ» (դիտէ) հարթակը Գահիրէի մէջ  նշած  է լիբանանահայ  յայտնի գեղեցկագիտուհի եւ լրագրող Ժոէլ Մարտինեանի «Պալա Ֆիլդըր» (Առանց զտումի) հաղորդումի երկրորդ եթերաշրջանի թողարկումը: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղականայ «Շարք Ալ Աուսաթ» պարբերականէն

Աղբիւրը նշած է, թէ ըստ «Շահէտ» հարթակի այս հաղորդումը, որ reality show-ի բնոյթ ունի, իր առաջին եթերաշրջանին մեծ թիւով դիտումներու արժանացած է արաբական աշխարհի եւ Ամերիկայի մէջ: Ժոէլ Մարտինեան տեսաերիզով կը  պատմէ  իր առօրեայ կեանքի մանրամասնութիւնները, ընտանիքին հոգերուն, ամուսինին, զաւակներուն կեդրոնանալով,  անշուշտ  ընկերային հարցերու վրայ:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ եթերաշրջանին,  հայուհին  ըսած է, թէ նիւթերու պատրաստութիւնը տեւած է մէկ տարիէն աւելի, որու ընթացքին նկարահանած է բոլորովին նոր նիւթեր: Երկրորդ եթերաշրջանը բաղկացած պիտի ըլլայ 10  հաղորդումներէ, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ Ժոէլի հանդիպումները Եգիպտոսի անուանի դերասաններուն հետ ինչպէս՝ Եուսրա, Թամէր Հուսնի եւ այլք: 

Ժոէլ արտայայտուելով իր  հաղորդման  մասին   մասնաւորապէս   ըսած է,- «Հաղորդման գաղափարը ծնաւ քանի մը տարի առաջ: Ապրած ըլլալով Լոնտոն եւ ուրիշ արտասահմանեան երկիրներ, ծանօթ էի reality show գաղափարին, հետեւաբար  որոշեցի սկսիլ նկարահանել իմ կեանքի բոլոր մանրամասնութիւնները: 2017-ին, 3 ամիս անընդհատ, արթննալէս մինչեւ քնանալս կը նկարահանէի: Այս նիւթերը հումք դարձան առաջին եթերաշրջանի դրուագներուն, ուր ես դեռ նախկին ամուսնոյս հետ էի, այնտեղ են զաւակներս ու մայրս»: 

«Մենք չենք նկարահաներ որոշակի թեմաներ, այլ՝ իրավիճակներ, իրադարձութիւններ, որոնք բնականաբար կը պատահին մեր առօրեային մէջ: Նաեւ կը կեդրոնանանք որոշ հարցերու վրայ, ինչպէս՝ երեխաներու հոգեկան առողջութիւնը, որ կը հետաքրքրէ բոլոր մայրերը, երեխաներու սեռային դաստիարակութիւնը եւ այլն»,- շարունակած է Մարտինեան:  

Իսկ այն հարցումին, թէ արդեօք կարմիր գիծեր կան իր այս հաղորդումին մէջ Ժոէլ պատասխանած է.- «Ես կը սիրեմ ըլլալ համարձակ: Չունիմ կաշկանդուածութիւն կամ կարմիր գիծեր, կը սիրեմ ազատութիւնս: Ես կը ներկայացնեմ իրապաշտ հաղորդում իմ իսկական կեանքի մասին: Առաջին եթերաշրջանին առանց վախի ներկայացուցի, թէ ինչպէս բաժնուեցայ ամուսինէս, իսկ երկրորդ եթերաշրջանին  պիտի ներկայացնեմ, թէ մօրս համար կեանքի ընկեր կը փնտռեմ, որպէսզի ինքն ալ ապրի ինչպէս իր զաւակները կ'ապրին»։

 

 

Անդրադառնալով այն բամբասանքներուն, որոնք կ'ամբաստանեն Ժոէլը, թէ երեխայ որդեգրած է պարզապէս գովազդային նպատակով,  ան ըսած է.- «Այս խօսակցութիւնը անիմաստ է, ես  զաւակս որդեգրած եմ աւելի քան 8 տարի առաջ: Ան թռչուն չէ, եթէ չհաւնիմ վերադարձնեմ։ Մանկութենէս ի վեր միշտ ուզած եմ որդեգրել երեխայ մը ու ապահով կեանք պարգեւել անոր, քանի որ դաստիարակուած եմ Օլիվըր Թուիստի պատմութիւններով, փողոցը ապրող աղքատ մանուկով, Ձիւնաթոյրով ու Մոխրիկով»: 

Ի վերջոյ Մարտինեան յայտնած է, որ առաջարկներ ստացած է դերեր խաղալու համար. «Անցեալ ամիսներու ընթացքին Պէյրութի մէջ տեսաշարի մը համար դեր առաջարկեցին, բայց ես մերժեցի, թէեւ կը սիրեմ դերասանութիւն. կը յուսամ, որ անպայման առիթ կը գտնեմ զբաղելու այդ ոլորտով»։