image

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Թռնոց Բոյն»ի Երեխաները

Արամ  Ա.  Կաթողիկոս    Ընդունեց «Թռնոց Բոյն»ի Երեխաները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ    Կաթողիկոսը  այսօր  Անթիլիասի  մայրավանքի  վեհարանին մէջ  ընդունած է «Թռչնոց Բոյն»ի  սաները: Այս  մասին կը կարդանք   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի  կայքէջէն: Կը նշուի նաեւ, որ Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է անոնց հանդիպումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Մանուկները Նորին Սրբութեան ներկայացուցած են  Նոր Տարուան երգերու եւ արտասանութիւններու յայտագիր մը, որմէ ետք միասնաբար դիմաւորած ՝Կաղանդ Պապան։ Ապա, երեխաները սեղանակիցը դարձած են  Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշի աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր հայրական յորդորները փոխանցեց աշակերտներուն եւ կաղանդչէքերով ուրախացուց զիրենք։Նշենք, որ այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան շրջափակէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան»ին, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պարզուած, սակայն ստուերի մէջ մնացած, որբութեան ընկերային երեւոյթը: Թանգարանը արդէն կանոնաւոր կերպով կը գործէ։ Մօտ ապագային թանգարանը պիտի ունենայ նաեւ յատուկ ուսումնասիրութեան կեդրոն մը։