image

Արա Արծրունի պարգեւատրուեցաւ Անթիլիասի կողմէ (Լուսանկար)

Արա  Արծրունի  պարգեւատրուեցաւ Անթիլիասի  կողմէ  (Լուսանկար)

Լիբանանահայ ներհուն մտաւորական Արա Արծրունի այսօր պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսկոսութեան կողմէ: Պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ եղած են գաղութի ազգային, մտաւորական եւ թատերական գործիչներ, այն տեղի ունեցած է Անթիլիասի Վեհարանին մէջ, ուր յաւուր պատշաճի միջոցառման աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս Արա  Արծրունին պարգեւատրած է  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  բարձրագոյն՝ «Ս.Մեսրոպ  Մաշտոց» շքանշանով: Վեհարանին  մէջ  եղած հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են լիբանանահայ մտաւորականներ՝ Ժիրայր Դանիէլեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան: Վեհափառ Հայրապետի  կողմէ շքանշանի տուչութեան սրբատառ  կոնդակը ընթերցած է Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան:

Խօսքով հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս  ու նաեւ մեծարեալը՝ Արա  Արծրունի:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են մեծարեալին կինը՝ Տիկ. Ռիթա Արծրունի եւ կրտսեր որդին՝  Սեւակ  Արծրունի:

 



 

Լիբանանահայ գրական եւ հասարակական կեանքէն ներս իր ուրոյն տեղը ունեցող Ա. Արծրունի  երկար  տարիներ կարեւոր եւ ազդեցիկ դեր ունեցած է գաղութի մշակութային կեանքին մէջ:

Որպէս հրապարակագիր, թատերագիր եւ մանաւանդ յախուռն կեցուածքներով հանդէս եկող մտաւորական ան կը հանդիսանայ պէյրութահայ իրաւ մտաւորականութեան ռահիվիրան: Արծրունի հեղինակ է տասնեակ գործերու եւ արդի թատրոնի գործերու իր ստորագրութեամբ կ'առանձնացուի, որպէս ուրոյն   եւ դիմագիծ կերտած հեղինակ  մը:

Նոյնը կարելի է ըսել Ա. Արծրունիի կերտած հրապարախօսութեան մասին: Ան երկար տարիներ աշխատակցած է Պէյրութի «Ազդակ»ին, «Բագին»ին, «Արծիւ»ին, «Կամար»ին եւ տասնեակ այլ թերթերու եւ իր անկեղծ ու ճշմարտախօս խօսքով դարձած է սփիւռքի ամէնէն վաւերական գրողներէն մին:

Արա Արծրունիի գրական-հասարակական գործունէութեան տակաւին կ'անդրադառնանք: 

 

Լուսանկարները ՝ Արամ Սոմունճեանի