image

Ափրիկեան խոզի ժանտախտ հայրենի Կոռնիձոր գիւղին մէջ

Ափրիկեան խոզի ժանտախտ հայրենի Կոռնիձոր գիւղին մէջ

Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր համայնքին մէջ արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է: Տարածուած ափրիկեան խոզի ժանտախտի պատճառով մեծ քանակութեամբ խոզեր սատկած են: Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:

Հիւանդութեան համաճարակի պատճառով խոզերու մեծ անկում գրանցուած է: Դեռ մարտ ամիսէն գիւղացիները նկատած էին, որ աղբանոցներուն մէջ խոզեր կան սատկած նետուած, սակայն հարցին, թէ որու են եւ ինչու սատկած են, ոչ մէկ պատասխան ստացած են: Լսած էին, որ ներքեւի գիւղերուն մէջ տարածուած է ափրիկեան խոզերու ժանտախտը:

Մայիս 21-ի դրութեամբ բնակիչներէն մէկուն 100-է աւելի խոզեր շնչահեղձ եղած եւ սատկած են: Այս հարցով դիմած են Թէժ գիծ, Գիւղնախարարութիւն, ՍԱՊԾ, նամակ գրած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, սակայն ոչ ոք արձագանգած է: