image
Հրատապ լուրեր:

Եռաբլուրի մէջ զինծառայողներու գերեզմաններէն ծաղիկներ գողցած անձերէն 2-ը կալանաւորուած են

Եռաբլուրի մէջ զինծառայողներու գերեզմաններէն ծաղիկներ գողցած անձերէն 2-ը կալանաւորուած են

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յուղարկաւորուած զինծառայողներու գերեզմաններէն ծաղիկներ գողցած անձերէն 2-ը կալանաւորուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։

Յունուար 5-ին համացանցի մէջ տեսանիւթ մը տարածուած է, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս 2 անձինք ծաղիկներ կը գողնան պանթէոնէն։ Նոյն օրը յայտնի դարձաւ, որ ՊՆ ռազմական ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է անոնց։

ՔԿ–ն պարզած է, որ յունուար 2-ին Ա.Կ.-ն խումբ մը անձանց հետ կազմակերպած ու ղեկավարած է «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ յուղարկաւորուած երկու զինծառայողներու գերեզմաններէն վերջիններուս ծնողներու կողմէ դրուած ծաղիկներու յափշտակութիւնը, որմէ ետք վերջիններս գողցուած ծաղիկները Երեւան քաղաքի Հիւսիսային պողոտայի վրայ վաճառած են հատը 500-էն 1.000 դրամով։

2025 թուականի յունուար 9-ին հսկող դատախազին միջնորդութիւններ ներկայացուած է Ա.Դ.-ի եւ Ա.Պ.-ի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցել Քրէական օրէնսգիրքի 254-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով (խումբ մը անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ կատարուած գողութիւնը), իսկ Ա.Կ.-ի նկատմամբ՝ 46-254-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով (խումբ մը անձանց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ կատարուած գողութիւնը կազմակերպելը): Ներկայացուած միջնորդութիւնները բաւարարուած են եւ նոյն օրը մեղադրեալները ձերբակալելու մասին որոշումներ կայացուած են:

Յունուար 9-ին վերջիններս ձերբակալուած եւ ներկայացուած են վարոյթն իրականացնող մարմին, որմէ ետք միջնորդութիւններ ներկայացուած են Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան՝ մեղադրեալներու նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու մասին:

Ա.Դ.-ի եւ Ա.Պ.-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը 2 ամիսով, իսկ Ա.Կ.-ի նկատմամբ կիրառուած է վարչական հսկողութիւնը: