Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սէյնթ Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման, որ նախաձեռնած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Միջոցառման ժամանակ առաջնորդները ամփոփեցին 2021 թուականին ԱՊՀ-ի մէջ Պելառուսիոյ նախագահութեան արդիւնքները, կարծիքներ փոխանակեցին ընդհանուր խնդիրներու կարգաւորման հարցով, քննարկեցին համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացմանն ուղղուած քայլերը:
Գագաթաժողովին, որ նուիրուած էր ԱՊՀ-ի ստեղծման 30-ամեակին, մասնակցեցան Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի եւ Ուզպեքստանի ղեկավարները:
Ողջոյնի ելույթին մէջ Փութին նշած է, որ ԱՊՀ-ի ստեղծումը, անկասկած, արդարացուած քայլ եղած է: